ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ԱԳԱՊ, ՀՌՈՄԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ, ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀՐԱՒԷՐՈՎ

002.jpg

Source: Armenian Catholic Church

Շաբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2018-ին, կէսօրուան ժամը 1:30-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ մը Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ  Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին հրաւէրով եւ որուն ներկայ եղան բարձրաստիճան հիւրեր՝ Սիւնհոդոսական եպիսկոպոսներու ընդհանուր քարտուղար Կարդինալ Լորենզօ Պալտիզերի, Սրբադասման Խորհուրդի նախագահ  Կարդինալ Ճովաննի Անճելօ Պեքչու, Արեւելեան Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահ  Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի նախագահ  Կարդինալ Կալթիէրօ Պասեթի, Մարոնի համայնքի Պատրիարք  Կարդինալ Պշարա Ալ Ռաի, Քաղթէացւոց կաթողիկէ համայնքի Պատրիարք  Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սագօ, Մելքիդ Յոյն կաթողիկէ համայնքի Պատրիարք Գերերջանիկ Եուսեֆ Ա. Ապսի, Աղեքսանդրիոյ Ղպտի կաթողիկէ համայնքի Պատրիարք  Գերերջանիկ Իպրահիմ Իսահակ Սիտրագի, Պապական Նուիրակ Պէյրութի Լատինաց թեմի Արհիապատիւ Սեզար եպիսկ․Եսայեան, Հայ կաթողիկէ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Արհիապատիւ  Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Թեհրանի Քաղթէացւոց կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհիապատիւ Ռամզի Արք. Կարմու, Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ թեմի պատրիարքական փոխանորդ Արհիապատիւ Հայր Յովսէփ եպիսկ. Առնաութեան, Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւոր գերյարգելի՝ Հայր Նարեկ ծ. վ. Նաամոյեան, Ս. Աթոռի մօտ Ասորի կաթողիկէ Պատրիարքի ներկայացուցիչ գերյարգելի Ժորժ ծ. վ. Մասրի, գերյարգելի ու գերապատիւ վարդապետներ եւ վարժարանին ժառանգաւորները:

Սեղանին շուրջ ֆրանսերէն լեզուով խօսք առաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կրկնելով Սրբազան Քահանայապետին կատարած այն հաստատումը թէ՝ «Եկեղեցին երկու թոքերով կը շնչէ՝ Արեւելքով եւ Արեւմուտքով»   աւելցուց. «Մենք իբր Արեւելեան ժողովուրդ որ ցեղասպանութեան հետեւանքով շատ բան կորսնցուցինք եւ սակայն կարողացանք կրկին անգամ  վերականգնիլ ու մեր գոյութիւնը փաստել, այսօր կը տեսնենք թէ ինչպէս պատմութիւնը կը կրկնուի Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: Հետեւաբար, մեր հաւատքի վկայութեամբ պիտի փորձենք յաղթահարել ամէն չարիք:» Ապա ան անդրադարձաւ Կարդինալ Աղաճանեանի մասին ըսելով. «Մենք կը հաւատանք որ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանը սուրբ մըն է եւ ասոր հիման վրայ կը փորձենք շուտով սրբադասել զինք որպէսզի օրինակ հանդիսանայ մեր եկեղեցւոյ պատմութեան եւ հաւատքին:»

Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի աւարտին, Կարդինալ Սանտրի խօսք առնելով բոլորին անունով գոհաբանութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, եպիսկոպոսներուն, վարժարանի մեծաւոր Հօր եւ ժառանգաւորներուն, այս գեղեցիկ առիթին համար.

Previous
Previous

The Synod on Young People: What does the Final Document Say?

Next
Next

US faith leaders call on their president to recognize East Jerusalem as capital of Palestine